ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՍՈՒՐԲ ԿԻՐԱԿՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութեամբ, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի շրջանի տօնական հոգեւոր ուրախութենէն բաժին կը վիճակի նաեւ գաւառի հայութեան։ Որքան որ ալ համայնքները շատ փոքրացած ըլլան, Պատրիարքական Աթոռը միշտ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերէ, որպէսզի անոնք միշտ զգան, թէ ուրախ եւ տխուր առիթներով թրքահայութեան անկեղծ զգացումներուն առարկայ են։ Շաբաթավերջին Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա այցելեց Տիարպաքըր, ուր տաղաւարի Ս. Պատարագ մատոյց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Տիարպաքըրի փոքրաթիւ հայութեան տեսակէտէ սա բացառիկ ուրախութեան եւ ոգեւորութեան առիթ մըն էր։ Տէր հայրը խրատականին մէջ բոլորին շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ յղեց, նաեւ փոխանցեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեանի օրհնութիւնները։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք եւ նռնօրհնէք։ Կատարուեցաւ նաեւ Ս. Մկրտութեան խորհուրդ մը, ինչ որ ստեղծուած խանդավառութիւնը արդէն հասցուց գագաթնակէտին։ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայայի այցելութիւնը միօրեայ էր եւ ան Ս. Պատարագէն եւ յարակից արարողութիւններէն անմիջապէս վերջ վերադարձաւ քաղաքս։

Միւս կողմէ, Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանն ալ Մալաթիոյ եւ Էլազըղի փոքրաթիւ հայութեան հովուական այցելութիւն տուաւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։ Ծանօթ է, որ ան Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն է եւ կը ծառայէ նաեւ՝ որպէս գաւառի հայութեան տեսուչ։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2025