ԿԱՊՐԻԵԼԼԱ ՊԱՔԸՐՃԸՕՂԼՈՒԻ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԸ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտուհիներէն Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Քապաթաշի լիսէին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ գրող Էօմէր Սէյֆետտինի յիշատակին ձօնուած գրական մրցոյթի մը։ Իր տեսակին մէջ 7-րդ այս մրցոյթին ան պատրաստուած էր վարժարանի թրքերէնի ուսուցչուհի Զիւպէյտէ Տիզտարի հսկողութեան ներքեւ։

Մրցոյթի արդիւնքին Կապրիելլա Պաքըրճըօղլու արժանացաւ մանսիոնի։ «Կեանքի գրողներ» խորագրեալ իր պատմուածքը նիւթ ունէր Սուրիոյ մանուկներու եւ պատանիներու կեանքը։

Շաբաթ, Ապրիլ 14, 2018