ԱՐԴԷՆ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ

Կը տեղեկանանք, որ «Մեր հայեր» ընկերային զօրակցութեան խմբաւորումը այս շրջանին որոշած է նոր հարթութեան մը վրայ դնել իր գործունէութիւնը։ Վերջերս, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մեր հայեր»ու ներկայացուցիչներէն Նաթալի Ճէպէճին, Յակոբ Գազանճեանը, Վարդանոյշ Պաքին եւ Վարուժան Էօզպաղը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ «Մեր հայեր»ը որոշած է այլեւս նոր կարգավիճակ մը ձեռք բերել եւ անհրաժեշտ պաշտօնական դիմումներէ վերջ արդէն ստացած է միութեան մը կարգավիճակը։ Ինչպէս ծանօթ է, համավարակի ժամանակաշրջանին համայնքէն ներս ծնաւ «Մեր հայեր» շարժումը, որու ծիրէն ներս բազմակողմանի օժանդակութիւն ապահովուեցաւ մեր համայնքի համեստ խաւերուն համար։ Յաջորդած ժամանակաշրջանին «Մեր հայեր»ու գործունէութիւնը շարունակուեցաւ կայուն հունի մը մէջ։ Համայնքային շրջանակներէն ցուցաբերուած դրական վերաբերմունքին ի շարունակութիւն՝ «Մեր հայեր»ը որոշած է գործունէութիւնը նոր ուղղութիւններով յառաջ տանելու։ Այս նպատակով ալ արդէն այս շարժումը վերածուած է միութեան մը։

Հարկ է նշել, որ վաղը Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ այս նոր կարգավիճակի ձեռքբերումէն վերջ «Մեր հայեր»ու առաջին ձեռնարկը։ Ընդունելութիւն մը նախատեսուած է, որպէսզի համայնքային շրջանակները հաղորդ դառնան, թէ «Մեր հայեր»ը յառաջիկայ շրջանին համար ինչ առաջնահերթութիւններ որդեգրած է։

Մինչ այդ, վաղուան ընդունելութեան ընդառաջ, «Մեր հայեր»ու ներկայացուցիչները երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ ամենայն հաւանականութեամբ պատուէ վաղուան ընդունելութիւնը։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 14, 2023