ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանի այս տարուան հունձքը փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Վարժարանի 199-րդ շրջանի ընթացաւարտները կը հանդիսանան անոնք՝ հաստատութեան երկարամեայ կրթական առաքելութեան ճանապարհին։

Նախընթաց օրուան շրջանաւարտութեան հանդէսը բացառիկ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լարա Տուրսունի եւ Առէն Քիրփիքեանի։ Շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքերով հանդէս եկան դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Սարգիս Սիրոբ, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Էլտա Գարակէօզեան եւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Արսէն Գովան։ Մխիթարեանի ընտանիքի գրեթէ բոլոր պատասխանատուները ներկայ էին ձեռնարկին, որու ընթացքին շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները՝ ջերմ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ։ Դափնեկիր շրջանաւարտներուն համար ալ պատրաստուած էին մասնաւոր յուշանուէրներ։

Շրջանաւարտները վարժարանէ հրաժեշտի փուլին Մխիթարեանի մեծ ընտանիքի ամենաջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձան եւ բոլորի սպասումն ու մաղթանքն էր, որ անոնք ապագային փարած մնան իրենց դպրոցին։ 

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2024