ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ԼԻՍԷԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Սամաթիոյ ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Սահակեան-Նունեան լիսէի այս տարուան հունձքին։ Լիսէի 55-րդ շրջանի ընթացաւարտները փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ առին վարժարանէն՝ մինչ բոլորը Սամաթիոյ ընտանիքի ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձան։
Ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանի կողմէ գլխաւորուած Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը ջանք չէր խնայած շրջանաւարտներուն համար յատկանշական ձեռնարկ մը կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լիանա Պենլիի եւ Առէն Հաշտարի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նուրհան Տավուլճեան եւ լիսէի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու։ Շրջանաւարտ աշակերտները ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ ստացան իրենց վկայականները։ Անոնց համար պատրաստուած էին նաեւ զանազան յուշանուէրներ, իսկ դափնեկիրներուն համար պարգեւներ։
Շրջանաւարտներուն ուղղեալ օրհնութեան եւ շնորհաւորութեան խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ճաշկերոյթ մը, որու ընթացքին տղաքը մեծ հրճուանք ապրեցան եւ բոլորը իրարու յաջողութիւն մաղթեցին կեանքի տեւողութեան համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/22/2024