ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԷՋ

Գալֆաեան տան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ տարեվերջի հանդէս մը, որ ստեղծեց ոգեւոր մթնոլորտ։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, խնամակալութեան ատենապետ Ալֆրէտ Սունա եւ գործակից ընկերները, նախկին խնամակալներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Լիէնա Կիւլի եւ Մելինա Զէնկիլի։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Դպրոցի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ յաջող ելոյթներով մասնակցութիւն բերին յայտագրին՝ արժանանալով բոլորի ջերմ ծափահարութիւններուն։ Աւարտական դասարանի տղաքը մասնաւոր վերաբերմունքի առարկայ դարձան եւ հրաժեշտի փուլին շրջապատուեցան ջերմօրէն։

Յայտագրի գործադրութենէն վերջ վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ նաեւ ընդունելութիւն մը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 14, 2024