ԶԵԿՈՅՑ

Պատրիարքական Աթոռը տեղեկացաւ, որ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շնորհաւորական նամակ մը ուղարկած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին։ Մամուլի մէջ հրապարակուած լուրերու համաձայն, կը պնդուի, թէ Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը նախապէս նամակէն իրազեկ դարձուցած է Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։ Այս պնդումը բացարձակապէս իրականութիւնը չի ցոլացներ։ Ուստի ստիպողութիւն ստեղծուած է լուսաբանել, թէ խնդրոյ առարկայ նամակը անձնական բնոյթ կը կրէ։

Պատրիարքարանի անունով ուղերձ հրապարակելու, յայտարարութիւն ընելու եւ շնորհաւորութիւններ ուղղելու իրաւունքը վերապահուած է միայն Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին եւ ինչպէս ծանօթ է, Ընդհանուր Փոխանորդը ընտրութեան յաջորդող օրերուն արդէն իսկ Հանրապետութեան նախագահին ուղարկած էր այդպիսի նամակ մը։

Բացայայտ իրողութիւն է, որ Պատրիարքական Աթոռի եւ համայնքի շահերուն լրջութիւնը նկատի ունենալով, պետական աւագանիին հետ թղթակցութիւններն ու շփումները պէտք է արժեւորուին մեծ պատասխանատուութեամբ։

Յարգանքով կը տեղեկացնենք մեր համայնքին։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Իսթանպուլ, 13 յուլիս 2018

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018