ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Գնալը կղզիի մէջ վերջերս կազմակերպեց ճատրակի մրցաշարք մը։ «Ճաշ» ճաշարանի հետ համագործակցութեամբ եւ անոր երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որ երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Մրցաշարքին մասնակցեցաւ 31 մարզիկ։ Անոնք մրցեցան՝ ըստ զանազան տարիքային դասաւորումներու։ Դափնեկիրները ստացան պարգեւներ։ Բոլոր մասնակիցներուն յանձնուեցան նաեւ յուշամետայլներ։ Արիս Նշան, Տաւիտ Իւկէ, Տարօն Սիրականեան, Աքսէլ Փուլաշ եւ Ժան Սոմէր եղան այս տարուան յաջողագոյնները։

9 տարեկաններու դասաւորման մէջ յաջողագոյնները եղան՝ Գարլա Կիւլսիւն, Արաս Թորուն եւ Արթուն Տատեան։

10 տարեկաններու դասաւորման մէջ յաջողագոյններն էին՝ Շանթ Շէշէթեան, Էտվին Աքմերճան եւ Արատ Տոլար։

11 տարեկաններու դասաւորման մէջ յաջողագոյնները հանդիսացան Լիանա Սիւրմէեան, Տենիզ Քորթան, Գամէր Էօզեըլմազ։

12 տարեկաններու դասաւորման դափնեկիրները եղան՝ Ժան Սոմէր, Շանթ Կիւլսիւն, Լեթիսիա Սիւրմէեան։

14 տարեկաններու դասաւորման դափնեկիրները եղան Տարօն Սիրականեան, Տեմիր Տեմիրքըր եւ Ալէն Նշան։

16 տարեկաններու դասաւորման մէջ յաջողագոյնները եղան Արիս Նշան, Տաւիտ Իւկէ եւ Աքսէլ Փուլաշ։

Շաբաթ, Յուլիս 14, 2018