ԱՊԱԳԱՅ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Շիշլի մարզակումբը հետեւողական քայլեր կ՚առնէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու նպատակով։ Ֆութսալի մարզաձեւին մէջ ալ շիշլիցիները ներկայիս նոր ոստում մը կ՚ընեն՝ երիտասարդ մարզիկներու պատրաստութեան ճանապարհին։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները եւ ֆութսալի մարզիկները շաբաթավերջին համախմբուեցան երիտասարդ մարզիկներու հետ։ Այս հանդիպումը ֆութսալի նոր մարզիկներ պատրաստելու ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը բնորոշեց։ Նկատի ունենալով, որ Շիշլիի ֆութսալի կազմը վերջին երկու տարիներուն իրերայաջորդ նուաճած է Թուրքիոյ ախոյեանի կոչումը՝ այս նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է շատ լաւատես մթնոլորտի մը մէջ։ Առաջին փուլին 16 մարզիկ կը մասնակցի պարապմունքներուն։ Շիշլիի վարչայինները դիտել տուին, որ իրենք ջանք պիտի չխնայեն, որպէսզի անոնք լաւ հասնին ու մաս կազմեն ապագայ ախոյեաններու շարքին։

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024