ԳԱՏԸԳԻՒՂԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ՝ Ամանորի առթիւ վիճակահանութիւն մը, որու հասոյթը այս տարի կը յատկացուի նուիրական նպատակի մը։

Այսպէս, վիճակահանութեամբ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման։ Ծանօթ է, որ անցեալ տարեմուտի երկրաշարժին հետեւանքով վնասուած մեր այս սրբավայրը ներկայիս փակ է պաշտամունքի։

Երկուշաբթի, Յունուար 15, 2024