«ՄԱՐԱԼ»Ի ՓԱՌԱՊԱՆԾ ԵԼՈՅԹԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ Ֆուլիայի գեղարուեստասրահին մէջ։ Բառին բուն իմաստով փառապանծ երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները ունեցան անմոռանալի տպաւորութիւններ։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը պատուեց նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Հայոց Արքեպիսկոպոսարանէն Հայր Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան։ Ձեռնարկի սկիզբին յարգանքի լռութիւն պահուեցաւ երկրաշարժի զոհերուն համար։ Աւելի վերջ յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ Ժպիտ Իսքենտէրօղլուի հանդիսավարութեամբ։
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի հսկողութեան ներքեւ «Մարալ»ի տղաքը երէկ արձանագրեցին իրենց հերթական փայլուն յաջողութիւնը։ Անոնք պարերով, տարազներով եւ «Մարալ»ի բնորոշ աւանդոյթներու ազդեցութիւնով իսկապէս խոր տպաւորութիւն մը գործեցին հանդիսատեսին վրայ՝ արժանանալով որոտընդոստ ծափահարութիւններու։ Այս երեկոյթի յաջողութեան գաղտնիքներէն մին էր նաեւ մեներգչուհի Գարին Պոզքուրթի մասնակցութիւնը։ Այս վերջինն ալ իր կուռ ձայնով տպաւորեց հանդիսատեսները՝ յայտագրին մէջ ստանձնելով շատ կարեւոր բաժին մը։
Հուսկ, բոլորը ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին «Մարալ»ի հերթական յաջողութիւնը եւ առիթն ունեցան արտայայտելու իրենց գնահատանքն ու համակրանքը։ Հարկ է նշել, որ համոյթը այս ծրագիրը պիտի կրկնէ նաեւ յառաջիկայ ամրան՝ Համահայկական խաղերու բացման։