ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Կեդրոնականի ընտանիքը երէկ խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին, որ կը բաղկանայ 61 ընթացաւարտէ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Կեդրոնականի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու յայտագիրը ամբողջութեամբ կը ցոլացնէր պատմական այս կրթօճախին հարուստ աւանդութիւնները։ Շրջանաւարտներն ու Կեդրոնական ընտանիքի պատասխանատուները նախ նկարահանուեցան Պատրիարքարանի առջեւ։ Աւելի վերջ բոլորը անցան Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրը, ուր յայտագրի զանազան փուլերը կեանքի կոչուեցաւ։ Առաջին հերթին Մայր տաճարին մէջ յարգանքի այցելութիւն մը տրուեցաւ Կեդրոնականի մեծանուն հիմնադիր Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի շիրմին։ Ապա յարակից Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ վկայականներու յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ՝ մինչ տղաքը ջերմ ծափահարութիւններու արժանացան։ Օրուան պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ յանձնեց դպրոցի առաջինին վկայականը եւ հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով մը։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Վկայականներու յանձնումէն վերջ, յայտագիրը շարունակուեցաւ «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ՝ այս անգամ ընդունելութեան մը ձեւաչափին մէջ։ Ընդունելութիւնը պատրաստուած էր դպրոցի ծնողաց միութեան կողմէ։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Նարէ Նաիր Կիւլէչի եւ Անտրէ Կէօրէի։ Ներկաներու շարքին էին Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեան եւ գործակից ընկերները, Կեդրոնականի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, կրթական մշակներ, Կեդրոնականի ընտանիքէն այլ կառոյցներու պատասխանատուներ, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ ջերմօրէն շրջապատեցին շրջանաւարտները։ Այս մթնոլորտին մէջ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ այն ծնողներուն մասին, որոնք զգայնութիւնը կ՚ունենան իրենց զաւակները հայկական վարժարան մը ուղարկելու։ Արդարեւ, Սիլվա Գույումճեան մատնանշեց, որ մեր վարժարանները ոչինչով կը զիջին՝ իրենց զանազան գովազդուած կամ հրապարակուած նմաններուն բաղդատմամբ։ Տնօրէնուհին, որ տասնամեակներէ ի վեր ձեռնհասօրէն Կեդրոնականի դրօշակիրը դարձած է, այս տարուան շրջանաւարտներուն ալ յորդորեց՝ ապագային իրենց կապը չխզել թէ՛ իրենց դպրոցին եւ թէ ընդհանրապէս հայկական կեանքին հետ։

Կեդրոնականի շրջանաւարտներու հրաժեշտի պատկառելի համայնապատկերին վրայ առանձնապէս ուշագրաւ դարձան այն դրուագները, երբ կարգ մը շրջանաւարտներ իրենց վկայականները ստացան ձեռամբ իրենց ծնողներուն, որոնք նոյնպէս Կեդրոնականէն վկայուած էին։

Այս բոլորէն վերջ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակն ալ հատուեցաւ եւ Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս ճանապարհ դրաւ իր հերթական հունձքը՝ միշտ վստահ ըլլալով, թէ դպրոցի առաքելութեան յարատեւութիւնը անպայման կ՚ապահովուի եւ ան միշտ կենսունակ կը մնայ հայութեան համար մարդուժ պատրաստելու ճանապարհին։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Կեդրոնականի ընտանիքը՝ մաղթելով նորանոր նուաճումներ։

Շաբաթ, Յունիս 15, 2024