ՊԱՇՏՕՆԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ

Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութենէն ներս արդէն պաշտօնի ձեռնարկած է նորանշանակ խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան։ Ինչպէս հաղորդած էինք, 1 օգոստոսի դրութեամբ նախկին խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեանի առաքելութեան շրջանը հասաւ աւարտին եւ իրեն փոխարէն Իսթանպուլ եկաւ նորանշանակ դիւանագէտ մը. յանձին Նաղաշ Յակոբեանի, որ փորձառու անուն մըն է։ Երէկ, ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ ներկայացուցչական նորանշանակ խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան այցելեցին Պատրիարքարան։ Այս քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին դիւանագէտները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին Արսէն Աւագեան նորին սրբազնութեան պաշտօնապէս ներկայացուց Նաղաշ Յակոբեանը։ Գումգաբուի ջերմ զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը շնորհաւորեց Նաղաշ Յակոբեանը նշանակման կապակցութեամբ՝ փոխանցելով օրհնութիւններ եւ յաջողութեան մաղթանքներ։

Արսէն Աւագեան եւ Նաղաշ Յակոբեան Գումգաբուէն հրաժեշտ առին՝ փոխանակած ըլլալով կարծիքներ Հայաստանի ներկայացուցչութեան ընթացիկ գործունէութեան եւ համայնքային կեանքի ընդհանուր վիճակին շուրջ։  

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 15, 2018