ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ԱՍՈՒԼԻՍ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան տնօ­րէ­նու­թիւ­նը ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նին եւս ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ, որ­պէս­զի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը հա­ղորդ դառ­նայ գե­ղա­րուես­տի։ Դպրո­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին զա­նա­զան ծրագ­րեր կը կազ­մա­կեր­պեն, որ­պէս­զի տղա­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան գե­ղա­րուես­տա­կան ար­ժէք­նե­րու հետ շփուե­լու։ Նոյն ծի­րին մէջ ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ բա­նա­խօ­սու­թիւն մը, որ ձօ­նուած էր Իս­թան­պու­լի 14-րդ պիէ­նա­լին։ Դպրո­ցի գրա­դա­րա­նին մէջ կազ­մա­կերպուած ձեռ­նար­կի բա­նա­խօս­ներն էին Իս­թան­պու­լի պիէ­նա­լի տնօ­րէն Պի­կէ Էօ­րէր եւ Սիւ­րէյ­յա Էվ­րէն, որ հե­ղի­նա­կած է «Տղոց հա­մար Թուր­քիոյ ա­ռօ­րեայ ա­րուես­տը» գիր­քը։

Տղա­քը հե­տաքրք­րու­թեամբ լսե­ցին ի­րենց փո­խան­ցուած բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը եւ բա­նա­խօ­սու­թեան ա­ւար­տին յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նե­ցին ա­տե­նա­խօս­նե­րուն։

Զու­գա­հե­ռա­բար՝ վե­ցե­րորդ, եօ­թնե­րորդ եւ ու­թե­րորդ դա­սա­րան­նե­րու տղա­քը այ­ցե­լե­ցին Իս­թանպ­լուի 14-րդ պիէ­նա­լին շրջագ­ծով կազ­մա­կեր­պուած ցու­ցա­հան­դէ­սին՝ Ղա­լա­թիոյ յու­նաց նախ­կին նա­խակր­թա­րա­նի շէն­քին մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015