«ՓՈՔՐԻԿ» ԿԱՅՔԷՋԻ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ

«Փոք­րիկ» հէ­քեաթ­նե­րու կայ­քէ­ջը վեր­ջին շրջա­նին ու­շադ­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցու­ցած է մեր նա­խակրթա­րան­նե­րու սա­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Կայ­քէ­ջի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ճոխ է, հե­տե­ւա­բար նոյ­նիսկ մին­չեւ միջ­նա­կար­գի Է. դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը կրնան ի­րենց հե­տաքրք­րու­թիւ­նը յա­գեց­նել ա­նոր մի­ջո­ցաւ։

«Փոք­րիկ»ի նկատ­մամբ ստեղ­ծուած այս հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ՝ կայ­քէ­ջի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը աշ­խա­տանք կը տա­նին, որ­պէս­զի մշտա­կան կապ մը հաս­տա­տուի կայ­քէ­ջին ու մեր վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րուն մի­ջեւ։ Այս նպտա­կով կայ­քէ­ջի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը վեր­ջերս շարք մը այ­ցե­լու­թիւն­ներ տուին՝ Օր­թա­գիւ­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նը, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նը, Է­սաեան վար­ժա­րան, Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նը, Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րան, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րան եւ Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նը։ «Փոք­րիկ»ի ընդ­հա­նուր հա­մա­կար­գող Սել­մա Մե­լե­քեա­նի ա­ռըն­թեր այս այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցան՝ Պեր­ճու­հի Պէր­պէ­րեան, Պօ­ղոս Չալ­կը­ճըօղ­լու, Գա­րօ­լին Մա­մի­կո­նեան, Թա­լին Կա­րիպ­կիւն, ո­րոնք բո­լորն ալ կը մաս­նակ­ցին «Փոք­րիկ»ի բո­վան­դա­կու­թեան ստեղ­ծա­գործ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Մին­չեւ տա­րե­վերջ այ­ցե­լու­թիւն­ներ նա­խա­տե­սուած են նաեւ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան եւ Ե­շիլ­գիւ­ղի վար­ժա­րան­նե­րը։ Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի ալ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ծրա­գի­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի՝ մեր բո­լոր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րը ընդգր­կե­լիք ձե­ւով։

«Փոք­րիկ»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը դպրոց­նե­րուն մէջ ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ զրու­ցե­ցին կայ­քէ­ջի գոր­ծա­ծու­թեան, բո­վան­դա­կու­թեան եւ բա­ժին­նե­րուն մա­սին։ Իւ­րա­քան­չիւր դպրո­ցի մէջ պաս­տա­ռի վրայ ա­նոնք ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին «Փոք­րիկ»ի հէ­քեաթ­նե­րու աշ­խար­հէն ներս։ Տղա­քը ա­կա­նա­տես ե­ղան նաեւ կայ­քէ­ջի ար­տադ­րու­թեան քա­նի մը հնա­րա­ւոր փու­լե­րուն՝ այս­պէ­սով տար­րա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կազ­մե­լով նաեւ ի­րենց հա­մար պատ­րաս­տուած այս կայ­քէ­ջի են­թա­կա­ռու­ցուած­քա­յին փու­լե­րուն մա­սին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2016