ՎԱՐԴԱՆԱՆՑԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Վարդանանց տօնի նախատօնակին։ Ներկայ էին Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Նորին Ամենապատուութեան տնօրինութեամբ Պատրիարքական Աթոռի դպրաց լսարանի սաներէն Լորան Մուրատօղլուի, Սէրճան Կազէրօղլուի, Արաս Եոլուսեւէրի, Անդրանիկ Աւիթօղլուի, Տանիէլ Տինչէրի եւ Առէն Սիմքէշեանի ձեռնադրութեամբ շնորհուեցաւ դպրութեան չորս աստիճանները՝ դռնապանութեան, ընթերցողութեան, երդմնեցուցչութեան եւ ջահընկալութեան աստիճանները իրենց խորհրդանիշներով՝ եկեղեցւոյ բանալիով, աւելով, գիրքերով, բաժկամանով ու վառ աշտանակով։
Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Դաւիթ Թուրկայ, Էմիլ Ըրկաւ եւ Արաս Փընարճը դպիրներուն։
Շնորհաբաշխումներէ ետք քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, որ ողնասիւնն է եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Ան յայտնեց, թէ եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր պաշտօնեայ կարեւոր տեղ ունի աղօթատան ծառայութեան մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը շնոհունակութիւն յայտնեց, թէ ի տղայ տիոց շապիկ հագած երիտասարդներ Պատրիարքական Աթոռի կազմակերպած դասաւանդութիւններուն հետեւելէ յետոյ պաշտօնապէս կը կապուին եկեղեցւոյ նուիրապետութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց, ապա բացատրեց Վարդանանց պատերազմի խորհուրդին կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պատմութեան, յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Քարոզէն ետք, Նորին Ամենապատուութեան հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Վարդանանց տօնի նախատօնակ։