Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԻ ՆՈՒՊԱՐ ՊՈՅԱՃԸՕՂԼՈՒՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց մեր համայնքէն Արի Նուպար Պոյաճըօղլուն, որ պատրաստած է արեւմտահայերէն-անգլերէն թուային թարգմանական համակարգ մը՝ կառուցուած «Մեթա»ի «No Language Left Behind» տիպարի հիման վրայ։ Նախագիծը կեանքի կոչուած է Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ։
Զրոյցի ընթացքին Արի Նուպար Պոյաճըօղլու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բացատրութիւններ տուաւ իր ծրագրին շուրջ։ Ան համոզուած է, որ խմբային աշխատանքով մը կարելի է մշակել աւելի զարգացած նախագիծ մը՝ ընդգրկելով այլ լեզուներ. օրինակ՝ թրքերէն, ֆրանսերէն եւ այլն։
Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններու լոյսին տակ գնահատեց Պոյաճըօղլուի աշխատանքը եւ անոր մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ։
Ուրբաթ, Փետրուար 16, 2024