ՎԱՂԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՀԱՄԱՐ

Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը կը շարունակուի այս շաբաթավերջին։ Վաղը հերթական քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգման համար։ Ծանօթ է, որ սա ամենավիճելի կէտերէն մին է։ Պիւյիւքտէրէի այժմու թաղային խորհուրդը, որ առանձին ընտրական մարմինով մը կը կազմակերպէ քուէարկութիւնը, այս փուլին շատ լուրջ հակազդեցութեան առարկայ դարձած է համայնքէն ներս։ Արդարեւ, Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս նախատեսուած ընտրութեան համար քուէատուփեր պիտի զետեղուին միայն Պիւյիւքտէրէի, Ռումելիհիսարի եւ Գուրուչէշմէի եկեղեցիներուն մէջ։ Շաբաթներէ ի վեր հնչած են կոչեր, որպէսզի Ֆէրիգիւղի եւ Սամաթիոյ մէջ ալ քուէատուփեր զետեղուին, որպէսզի մեր համայնքի այս ամենահայահոծ թաղերու բնակիչները կարողանան հանգիստ ձեւով մասնակցիլ քուէարկութեան։ Բայց եւ այնպէս, տարրական տրամաբանութենէ բխած այս կոչերը որեւէ արձագանգ չեն ունեցած։ Ընտրական մարմինը մնացած է լուռ։ Նախատեսուած քուէարկութեան ձեւը կարծես թէ կը հետապնդէ համայնքին ձայնը, ժողովուրդին կամքը պատնէշելու նպատակը։

Այս իրավիճակին մէջ վաղուան քուէարկութեան մասնակիցները նախընտրութիւն մը պիտի ընեն Կապոյտ եւ Մանիշակագոյն ցուցակներուն միջեւ։ Մանիշակագոյն ցուցակը այժմու թաղային խորհուրդի շարունակութիւնն է՝ նոյն ատենապետով։ Կապոյտ ցուցակը կը գլխաւորուի Մինաս Մեծատուրի կողմէ եւ կը բաղկանայ համայնքային շրջանակներէ ներս համակրանքի ու վարկի առարկայ դարձած անձնաւորութիւններէ։ Քուէարկութեան ընդառաջ համայնքէն ներս ստեղծուած մթնոլորտը շատ պարզ է։ Ընտրութեան կազմակերպման մտայնութիւնը արդէն ձեւով մը կը մատնէ այժմու թաղային խորհուրդին որդեգրած ընթացքը։ Ուստի, համայնքային շրջանակները հակուած են զօրակցիլ Կապոյտ ցուցակին, որ կը նախատեսէ Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցին դուրս բերել համայնքէն կտրուած, մեկուսացած առկայ ցաւալի կացութենէն։

Կապոյտ ցանկը եւ իր համակիրները կարգ մը քայլեր ձեռք առած են, որպէսզի հակառակ կազմակերպչական դիտումնաւոր դժուարութիւններուն՝ մեր համայնքի անդամները առաւելագոյն համեմատութեամբ կարողանան մասնակցութիւն բերել վաղուան քուէարկութեան։ Մասնաւորապէս՝ այս նպատակով քաղաքիս հայահոծ թաղերէն եւ այլ զանազան բանուկ կէտերէն փոխադրամիջոցներ ապահովուած են, որպէսզի ընտրողները առաջնորդուին քուէարկութեան վայր։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022