ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԻ ՀՐԱՒԷՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Փարոս» պարբերականի ու հրատարակչատան տնօրէնուհի Մայտա Սարիսը։

Սոյն այցելութեան ընթացքին Սարիս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրեց փետրուարի 7-ին նախատեսուած՝ «Թուրքիոյ բուսաբանութեան կալուածէն ներս իրենց նպաստը բերած հայազգի բուսաբաններ» (Türkiye Florasına Katkıda Bulunan Ermeni Botanikçiler) խորագրեալ հատորի շնորհանդէսին, որ պատրաստուած է փրոֆ. տքթ. Էմինէ Ալչըթեփէի եւ տքթ. Կալիփ Ալչըթեփէի կողմէ։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց նոր հրատարակութեան համար եւ շնորհաւորեց մշակոյթի ու գիտութեան սոյն ներդրումին համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը յոյս յայտնեց, որ ներկայ պիտի ըլլայ գիրքի շնորհանդէսին՝ որպէս գնահատանք եւ քաջալերութիւն տարուած աշխատանքին։ 

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2024