ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Հանդիպման սկիզբին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին Պիւյիւքտէրէի եկեղեցւոյ կացութեան մասին։ Անոնք յայտնեցին, թէ համայնքային վաքըֆներու ընտրութենէն անմիջապէս ետք յայտնի դարձած էր եկեղեցւոյ շէնքի, յատկապէս փայտաշէն տանիքի ոչ-բարենպաստ վիճակը եւ մեծածաւալ նորոգութեան մը անհրաժեշտութիւնը։ Այս մասին կատարուած օրինական դիմումներէն ետք հարկաւոր արտօնութիւնը ստացուած է եւ շուտով պիտի սկսին աշխատանքները, որոնք պիտի ընթանան մասնագէտներու հսկողութեան տակ։ Բարեզարդման աշխատանքներ պիտի կատարուին նաեւ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։

Բաց աստի, անցեալ ամիսներու ընթացքին մանրամասն աշխատանք տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ պատկան կալուածներու շուրջ եւ զանոնք աւելի բարեբեր դարձնելու համար անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ ու գործունէութիւններ կատարուած են։

Իր կարգին, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց Պիւյիւքտէրէի թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ տարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ թաղային խորհուրդը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ եկեղեցւոյ նորոգութեան ու պայծառութեան համար։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հայրական թելադրութիւններ յղեց թաղային խորհուրդի անդամներուն եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց եկեղեցաշէն գործունէութեանց համար։

Չորեքշաբթի, Յունուար 17, 2024