ԻՄԱՄՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուն, որ փութացած էր Ս. Զատկի տօնական շնորհաւորութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էին Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները, նաեւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Հերման Գավաֆեան։ Քաղաքապետին ընկերացան վաստակաւոր դեսպան Նամըք Թան եւ քաղաքապետարանի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մահիր Փոլատ։

Զրոյցի ընթացքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ողջունեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի այցելութիւնը։ Իր կարգին, քաղաքապետն ալ Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ Սուրբ Զատկի առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց թրքահայ համայնքին։ Ան յայտնեց, որ դժուար ժամանակներ են՝ քանի տարեսկիզբի երկրաշարժները մեծ ցաւ պատճառած են ամբողջ երկրին։ Իմամօղլու նշեց, որ իբրեւ գլխաւոր քաղաքապետ՝ կը ջանայ առաւելագոյնը ընել, որպէսզի քաղաքի բնակիչները աւելի լաւ պայմաններու ներքեւ ապրին։ Ան ընդգծեց, որ փոքրամասնութիւնները ինք կը համարէ՝ երկրի բնական տարրերը։

Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը զատկական խորհրդանշական կարմիր հաւկիթ մը նուիրեց քաղաքապետին եւ յաջողութեան մաղթանքներ յղեց իր առաքելութեան համար։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023