«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԷՍ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան տօնակատարութիւն մը։ Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին երրորդ դասարանի փոքրիկներուն ելոյթները։ Յայտագրի պատրաստութիւնները վերահսկած էր ուսուցչուհի Տօնարա Պեպուրեան։ Յայտագրի տեւողութեան յատկապէս ուշագրաւ էր փոքրիկներուն կողմէ ներկայացուած թատերակը։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Հանդէսի աւարտին գնահատանքի խօսքով մը հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, որ շնորհաւորեց թէ՛ փոքրիկները եւ թէ անոնց ուսուցիչները։ Տնօրէնուհին յանձնարարեց, որ փոքրիկները միշտ բանաստեղծութիւններով պատուեն իրենց մայրերը։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան համայնքային շրջանակներէն դէմքեր, դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներ՝ Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակեպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան պաշտօնատարներու կողակիցները՝ Մերի Աւագեան եւ Լիանա Մարտիրոսեան։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024