«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը։ Պարուսոյց Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ հիմնադրուած այս խումբին տարեկան ներկայացումները հաճելի առիթներու կը վերածուին գեղարուեստասէր հասարակութեան համար։ Իսկ այս տարի «Առաջնորդ» պարախումբը արդէն յոբելենական շրջանի մը մէջ կը գտնուի, քանի որ ան կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան տասնամեայ յոբելեանը։ Այս մթնոլորտին մէջ խումբը իսկապէս շքեղ երեկոյթ մը պարգեւեց իր համակիրներուն, որոնց ներկայացաւ աւելի քան յիսուն հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը՝ երեք-երեսուն տարեկանի տարիքային սահմանումով։
Դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուած էր հանդիսատեսներուն կողմէ, ինչ որ յոբելենական միջավայրին յարիր մթնոլորտ մը կը ստեղծէր։ Ներկաներու շարքին էին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան եւ այլ հիւրեր, որոնք բարձր գնահատեցին Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ տարուած համբերատար աշխատանքին պտուղները։
«Առաջնորդ»ի յայտագիրը կը բաղկանար ճոխ պարերէ եւ ան գործադրուեցաւ անանտեսելի յաջողութեամբ, մինչ ներկաներն ալ իրենց ջերմ ծափահարութիւններով համակրանք արտայայտեցին խումբին նկատմամբ։