ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր խորհր­դակ­ցու­թիւն մը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը։ Այս­պէս, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հրա­ւէ­րով Գում­գա­բու փու­թա­ցած էին իս­թան­պու­լա­հայ դպրոց­նե­րու հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ու տնօ­րէն­նե­րը, ո­րոնց խորհր­դակ­ցու­թիւ­նը տե­ւեց շուրջ մէ­կու­կէս ժամ։ Ներ­կայ էին նաեւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան եւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) Կրթա­կան յանձ­նա­խում­բի հա­մա­կար­գող Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու։

Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը կանգ ա­ռին մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ շարք մը կեն­սա­կան հար­ցե­րու վրայ։ Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մի­ջո­ցէ մը ի վեր մտադ­րու­թիւն ու­նէր մեր կրթա­կան հա­մա­կար­գի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ խորհր­դակ­ցիլ առ­կայ հար­ցե­րու լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Ե­րէ­կուան խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցան լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րու ո­րոշ չա­փով հա­սու­նաց­ման եւ գործ­նա­կան քայ­լե­րու շուրջ ա­ռա­ջարկ­նե­րու յստա­կեց­ման։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, մեր վար­ժա­րան­նե­րու մա­կար­դա­կին կամ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր էին ա­նոնք, իսկ զու­գա­հե­ռա­բար շօ­շա­փուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով քա­ղաքս հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն հար­ցե­րը։ Ծա­նօթ է, որ այդ տղա­քը զուրկ են կա­նո­նա­ւոր կրթու­թիւն մը ստա­նա­լու եւ այդ­պէ­սով ա­պա­գայ մը կեր­տե­լու հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն։

Ե­րէ­կուան ժո­ղո­վին այս նոյն հի­ման վրայ հրա­ւի­րուած էին նաեւ Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան եւ Յա­րու­թիւն-Դա­լար Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լը, որ կա­մա­ւոր հո­վա­նա­ւո­րի մը պաշ­տօ­նը ստանձ­նած է այս դպրո­ցի պա­րա­գա­յին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը Թո­րոս Ալ­ճա­նի եւ Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լուի հետ դպրո­ցի կա­ցու­թեան շուրջ խորհր­դակ­ցե­ցաւ Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեա­նի եւ Հո­րո­զօղ­լու ա­մո­լին հետ։ Ձեռք առ­նուե­ցան դժուա­րու­թիւն­ներն ու առ­կայ կա­րիք­նե­րը։ Մէկ կող­մէ այս վար­ժա­րա­նը հա­մայն­քի զա­նա­զան բա­րե­րար­նե­րու զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ, իսկ միւս կող­մէ՝ ու­նի կա­րիք­ներ, ինչ­պէս մեր միւս հա­մայն­քա­յին դպրոց­նե­րը։ Այս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը ու­նի նաեւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ դժուա­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց լուծ­ման հա­մար Պատ­րիար­քա­կան Ա­թոռն ու VADİP-ի Կրթա­կան յանձ­նա­խում­բը ըստ կա­րել­ւոյն ա­ջակ­ցու­թիւն պի­տի տան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։

Ծա­նօթ է, որ Հա­յաս­տա­նէ ար­տա­գաղ­թած եւ քա­ղաքս հաս­տա­տուած ըն­տա­նիք­նե­րուն զա­ւակ­նե­րը չեն յա­ճա­խեր միայն «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նը։ Այդ տղոց շար­քին կան ո­մանք, ո­րոնք հիւր ա­շա­կեր­տի կար­գա­վի­ճա­կով կը յա­ճա­խեն հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­ներ։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը նկա­տի ա­ռին նաեւ ա­նոնց ա­պա­գան հնա­րա­ւո­րինս ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու պա­րա­գան։ Ներ­կա­յիս, քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տին հե­տե­ւան­քով, ի­րենց հա­մար ո­րե­ւէ հե­ռան­կար գո­յու­թիւն չու­նի Թուր­քիոյ մէջ։ Հե­տե­ւա­բար, մի­ջան­կեալ վար­կած­ներ օ­րա­կար­գի վրայ են՝ որ­պէս­զի ա­նոնք Իս­թան­պու­լի մէջ ի­րենց ստա­ցած ուս­ման հի­ման վրայ կա­րե­նան Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի միջ­նոր­դու­թեամբ հե­ռան­կար մը ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ 

Ուրբաթ, Մարտ 18, 2016