ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ խանդավառ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ։ Մայրերու օրուան այս տարուան հանդէսը մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ պատրաստուած էր։ Ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ վարժարանի ծնողաց միութեան ներկայացուցիչները, աշակերտներու մայրերը, կրթական մշակներ եւ հիւրեր։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին մայրերուն բարեմաղթութիւններ յղելու առընթեր շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար։ Յայտագիրը պատրաստուած էր մանկապարտիզպանուհիներ՝ Սիպիլ Հայրանեանի եւ Ռիթա Մարտինեանի հսկողութեան ներքեւ։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Ժերմէն Էրչելիքի եւ Կարին Մարտիկեանի հսկողութեան ներքեւ պատրաստուած բաժիններուն մէջ ալ տղաքը հանդէս եկան թատերակներով ու պարերով։ Ձեռնարկի տեւողութեան ներկայ մայրերն ալ մասնակից դարձան յայտագրին եւ այդպէսով Մայրերու օրուան ծրագիրը անմոռանալի դարձաւ բոլորին համար։
Միւս կողմէ, Թոփգաբուի վարժարանին մէջ վերջին օրերուն ալ տեղի ունեցաւ փառատօն մը, որու պատրաստութիւնները յառաջ տարուած էին Ալիս Էմիրկելօղլուի եւ Էլիզ Շարքլըի վերահսկողութեան ներքեւ։ Երկրագունդի զանազան երկիրները ծանօթացնելու ուղղեալ այս փառատօնը ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Աշակերտները կը կրէին իրենց ծանօթացուցած երկիրներուն բնորոշ տարազներ։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024