Երեքշաբթի 4, Փետրուար 2025
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդներէն Սեւան Յարզուարթեան համալսարանէն վկայուած է որպէս ատամնաբոյժ։
Սեւան Յարզուարթեան ծնած է 1994 թուականին։ Ան նախակրթութիւնը ստացած է Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Յաճախած է Սկիւտարի Ամերիկեան լիսէն եւ աւելի վերջ մուտք գործած՝ Մարմարա համալսարանի Ատամնաբուժութեան ֆաքիւլթէն։ 2018-2019 ուսումնական շրջանի աւարտին ան համալսարանէն վկայուած է յաջողութեամբ։ Յարզուարթեան մասնակցութիւն բերած է զանազան դասընթացքներու եւ գիտաժողովներու։
Միեւնոյն ժամանակ Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի մարզիկներէն մին է։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Սեւան Յարզուարթեանը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։
Հինգշաբթի, Յուլիս 18, 2019