ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին հետամուտ է մեծ աշխատանքի մը։ Արդարեւ, Պալըքլըի ազգային գերեզմանատունը միջոցէ մը ի վեր հիմնական բարեկարգումի ենթարկուած է։ Սամաթիոյ ընտանիքը ունի ծով կարիքներ, որոնց դիմագրաւման համար թաղային խորհուրդը յանձն կ՚առնէ մեծ զոհողութիւններ, այս բոլորով հանդերձ, Պալըքլըի պատմական գերեզմանատան խնդիրներն ալ չեն անտեսուիր։ Ատենապետ Եսայի Տեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը միշտ անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ Պալըքլըի պատմական գերեզմանատունը, որպէսզի ան ունենայ ներկայանալի տեսք, արդարացնէ մեր հաւաքական յիշողութեան տեսակէտէ այնքան կարեւոր իր առանձնայատկութիւնը։ Գերեզմանատունը ներկայանալի պահելու ուղղեալ թաղային խորհուրդի նախանձախնդրութիւնը այս շրջանին կ՚ունենայ եզակի դրսեւորում մը։ Խօսքը մեծ ծրագրի մը մասին է, իսկապէս լուրջ ներդրումներով։ Որքան կենսական, այնքան ալ հիմնական՝ երկարաժամկէտ նշանակութեամբ նախագիծ մը կ՚իրականացուի Պալըքլըի գերեզմանատան համար։ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը յաջողած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան խնամքը ապահովել Պալըքլըի գերեզմանատան պարագային։ Երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուէին շինարարական աշխատանքներ, որոնք ներկայիս եզրափակիչ փուլ թեւակոխած են։ Բոլոր անոնք, որոնք վերջին մեռելոցին այցելեցին Պալըքլըի գերեզմանատունը, արդէն գնահատանքով ականատես եղան այնտեղ իրականացուած լայնածաւալ աշխատանքի ողջունելի արդիւնքին։ Արդարեւ, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութիւնը վերակառուցած է գերեզմանատան ընդարձակ համալիրի պարիսպներն ու ցանկապատերը։ Զուգահեռաբար կը վերականգնուի նաեւ մուտքի բաժինը։ Այս աշխատանքը մէկ կողմէ ապահովութեան տեսանկիւնէն շատ ողջունելի է, իսկ միւս կողմէ եկած է ամբողջացնել գերեզմանատան համայնապատկերը։ Այս կէտին վրայ արձանագրուած յաջողութեան գրաւականը այն է, որ պատմական դիմագծի յարմարութեամբ, երկար պարիսպներ ու ցանկապատեր կառուցուած են Պալըքլըի գերեզմանատան համար։ Անոնց վրայ բարձրացած են նաեւ երկաթէ ճաղեր։

Գերեզմանատան սահմաններու այս աշխատանքներուն զուգահեռ համալիրէն ներս ալ տարուած է կարեւոր աշխատանք, որոնց շնորհիւ այնտեղ մատուցուած ծառայութիւնները պիտի կատարելագործուին եւ անոնց որակը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի գայ։ Այսպէս, Պալըքլըի գերեզմանատունէն ներս կառուցուած է նոր սրահ մը։ Շուրջ յիսուն հոգիի տարողութեամբ այս նորակառոյց սրահը ունի նաեւ իր յարակից խոհանոցը։ Կիրակնամուտի կարգերու կամ հոգեճաշերու համար անգնահատելի յարմարութիւն մը կ՚ընձեռէ այս նորակառոյց սրահը։ Համաճարակով պայմանաւորուած այժմու կացութեան մէջ հետզհետէ աւելի կ՚ընդհանրանայ ննջեցեալները ուղղակիօրէն գերեզմանատուներէն յուղարկաւորելու երեւոյթը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, Պալըքլըի գերեզմանատունէն ներս նման հնարաւորութեան մը ստեղծուիլը կը համարուի մեծ օգտակարութիւն՝ մանաւանդ, որ սա մեր ամենաընդարձակ ու բանուկ գերեզմանատուներէն մին է։

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ կատարուած այս աշխատանքներուն առընթեր, թաղային խորհուրդը նոյնաժամանակ կեանքի կը կոչէ նաեւ այլ ծրագրեր, որոնց նպատակն է կատարելագործել գերեզմանատան հնարաւորութիւնները։ Այսպէս, Պալըքլըի գերեզմանատան հոգետունն ալ վերաշինուած է այս շրջանին։ Այս կտրուածքով Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը զօրակցութիւն ցուցաբերած է Սամաթիոյ ընտանիքին։ Հսկայական այս աշխատանքներու մթնոլորտին մէջ խնամքէ զերծ չէ մնացած նաեւ գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատուռը, որ եւս ենթարկուած է ընդհանուր բարեզարդման աշխատանքներու։ Մեր համայնքէն Արիֆ Մազմանի բարերարութեամբ նոր տեսք մը կը ստանայ մատրան խորանը։

Յառաջիկայ օրերուն Պալըքլըի գերեզմանատան մուտքին պիտի զետեղուին նաեւ նոր դռներ։ Դարպասներու տեղադրումէն վերջ նախատեսուած է պաշտօնական հանդիսութիւն մը՝ ի նշանաւորումն կատարուած լայնածաւալ բարեկարգման աշխատանքներուն։ Եթէ համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին հետեւանքով կամքէ անկախ արգելք մը չյառաջանայ, ապա այդ պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Սամաթիոյ թաղային խորհուրդը իր երախտագիտութիւնը պիտի մատուցէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը բերած են՝ հսկայածաւալ այս նախագիծը կեանքի կոչելու ճանապարհին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020