ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց «Մալաթիա Հայտէր» միութեան վարչութեան ատենապետ Նուրհան Կեզտիրիճին եւ անդամներէն Կարպիս Տուրասլանը, Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուն եւ Գէորգ Էօզգարակէօզը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետի օգնական Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

Քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին միութեան գործունէութեան մասին եւ Նորին Ամենապատուութեան գաղափարները շօշափեցին։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ի հիմանէ վերանորոգման աշխատանքներու զարգացումները։ Անոնք յայտնեցին, թէ տեղւոյն քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կը յառաջանան վերանորոգութեան աշխատանքները ու գործունէութեան մասին տեղեակ պահեցին Պատրիարք Հայրը։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց վերանորոգութեան աշխատանքներու կապակցութեամբ ու բարեմաղթութիւններ ըրաւ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 19, 2021