ՊԱՀԱՆՋԸ ԿԸ ՄԱԳԼՑԻ
Համայնքային վագըֆներու հարթակը (VADİP) երէկ երեկոյեան ժողով մը գումարեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։ Ամրան արձակուրդին ընդառաջ սա VADİP-ի վերջին ժողովն էր, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան համայնքային բազմաբնոյթ հարցեր։
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը։ Նկատի ունենալով, որ Կրօնական Ժողովի մօտ եւս այս նիւթին շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն մասին անպաշտօն լսումներն ալ արձագանգ գտած են համայնքային շրջանակներուն մօտ՝ արդէն աշխարհական վարիչներն ալ վերստին կանգ առին այս նիւթին վրայ։ Համայնքային վարիչները համոզուած են, որ ընտրութեան պահանջը հասունցած է անշրջադարձելիօրէն ու կը մագլցի։ Ընդհանուր առմամբ որոշուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին VADİP-ի կողմէ ներկայացնել պաշտօնական գրութիւն մը, որպէսզի ընտրութեան գործընթացին սկիզբ տրուի։ Համայնքային վարիչները ընդգծեցին, որ համբերելու համար տրամաբանական բոլոր պատճառաբանութիւնները սպառած են։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտնեց, որ համամիտ է ընտրութեան երթալու փափաքին եւ յարմար կը նկատէ, որ այս պահանջը արտայայտելու ժամանակ վիրաւորական պարագաներ չստեղծուին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին տեսակէտէ։ Ան միեւնոյն ժամանակ խորհուրդ տուաւ հաշուի առնել նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը, ինչ որ ուղղակիօրէն որոշիչ գործօն մըն է պետութեան կողմէ տրուելիք արտօնութեան առումով։ Արդարեւ, համայնքին կողմէ ի՛նչ ակնկալութիւն որ ալ ըլլայ, պետութեան կողմէ պատասխանը պիտի հասնի համապատասխան արժեւորումէն վերջ, իսկ նոր իշխանութեան մը կազմաւորման փուլին մէջ այդ արժեւորումը դժուար թէ ըլլայ արագ։ Հետեւաբար բարդ հարցականներու խաչմերուկի մը վրայ կը գտնուի թրքահայ համայնքը։
Պատրիարքական հաւանական ընտրութեան մը նիւթէն զատ, VADİP-ի երէկի ժողովին ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձան նաեւ այլ եւ այլ նիւթեր։ Այսպէս, Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի աենապետ Էրկիւն Այըք խօսեցաւ Եւրոպական միութեան կողմէ վերջերս իրենց ստացած պարգեւին կապակցութեամբ, տալով հանգամանալից լուսաբանութիւններ։ Որպէս հիւր ժողովին մասնակցեցաւ համայնքային երիտասարդ գործիչ Գամէր Թոքէր, որ տեղեկութիւններ փոխանցեց իրենց կողմէ պատրաստուող համացանցային նոր կայքէջի մը մասին, որ թրքահայ հասարակական ու մշակութային կեանքի ձեռնարկներուն եւ միջոցառումներուն ժամանակացոյցը պիտի փոխանցէ, ինչպէս նաեւ պիտի հաղորդէ մահուան գոյժերն ու այլ իրադարձութիւններ։