ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս այս առաւօտ սկսաւ Հայագիտութեան միջազգային քոնկրէսը, որ կը համախմբէ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն բազմաթիւ հայ, նաեւ օտար մասնագէտներ, որոնք քառօրեայ աշխատանքային ծրագրի շրջանակներէն ներս կը ներկայացնեն զեկուցումներ։ Այս գիտաժողովին կը մասնակցի նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ այս առաւօտ ներկայ գտնուեցաւ բացման լիագումար նիստին։

Գիտաժողովը կազմակերպուած է՝ Մատենադարանի, Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան Բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի համատեղ ջանքերով։ Այս նախաձեռնութեան աջակիցներու շարքին են՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնն ու «ՏաԹեւեր»ը։ Գիտաժողովի բացման լիագումար նիստին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան, որմէ վերջ արտայայտուեցան նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան կոմիտէի նախագահ Սարգիս Հայոցեան, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար-դեսպան Վասիլիս Մարակոս։ «Մատենադարանի պատասխանատուութեան եզրագիծն ու գործունէութեան հորիզոնը չեն սահմանափակուիր իր իսկ պահոցներով եւ աշխատակազմով։ Այս առումով յատուկ նշանակութիւն ունի Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը, որ նոր հեռանկարներ կը բանայ հայագիտութեան միասնական օրակարգերու մշակման առջեւ», ըսաւ Արա Խզմալեան։

Այս հաւաքոյթը ժամադրավայրը դարձած է աշխարհատարած այն գիտնականներուն կամ մասնագէտներուն, որոնք հայագիտութեան բնագաւառին մէջ գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Անոնց զեկուցումներուն հանրագումարը, վստահաբար, այնպիսի գետին մը պատրաստէ, որ հայագիտութեան եւ ընդհանրապէս հայկական ժառանգութեան տեսակէտէ դառնայ ապագայատեսիլ կենսունակութեան գործօն մը։

Գիտաժողովի յայտագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ շարք մը մշակութային ձեռնարկներ ու շրջագայութիւններ դէպի Հայաստանի գաւառները։

Այս առաւօտեան բացման լիագումար նիստէն վերջ սկսաւ գիտական աշխատանքը։ Նիստը խորագրուած է՝ «Հայագիտութիւն. մարտահրաւէրներ եւ հեռանկարներ»։

  

Ուրբաթ, Յուլիս 19, 2024