ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ վերջերս ոգեւոր հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ Ձեռնարկի ընթացքին ոգեկոչուեցան հայ գիրերու գիւտարարները՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցը, Ս. Սահակ Պարթեւը եւ Վռամշապուհ թագաւորը, ինչպէս նաեւ առաջին թարգմանիչները։

Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Դպրոցի դասարաններն ալ զարդարուած էին օրուան տօնին յարիր ձեւով։ Հանդէսի յայտագիրը գործադրուեցաւ Լիտա եւ Լիզա Թաշճը քոյրերու հանդիսավարութեամբ։ Դպրոցի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ մասնակցութիւն բերին օրուան յայտագրին՝ իրենց ելոյթներով արժանանալով բոլորի գնահատանքին։

Հանդէսի աւարտին փակման խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Ան այս առթիւ շեշտեց հայերէնի գործածութեան կարեւորութիւնը եւ լեզուի նշանակութիւնը՝ հայ ազգի յարատեւութեան տեսակէտէ։ Տնօրէնուհին աշակերտներուն յորդորեց՝ տէր կանգնիլ մեր պապերու ժառանգին եւ անպայման գործածել հայոց լեզուն ու գիրը։ Անիթա Թումայեան նաեւ գնահատեց այն բոլոր կրթական մշակներն ու աշակերտները, որոնք ներգրաւուած էին այս հանդէսի յայտագրին։  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2018