Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՄԱԼԱԹԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մեր համայնքի այն անդամներուն հետ, որոնց արմատները կ՚առընչուին Մալաթիա քաղաքին հետ։ Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս նորին սրբազնութիւնը զանազան ձեւաչափով կ՚ունենայ ժողովրդական հանդիպումներ եւ երէկուանն ալ մաս կազմեց նոյն ծիրին։ «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց մալաթիացիներու հետ՝ իր կողքին ունենալով Մանիշակագոյն շարժումի պատգամաւորի թեկնածուներէն Տքթ. Թագւոր Անանն ու Գէորգ Էօզգարակէօզը։

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան երեկոյթի ընթացքին նախ ներածական խօսքով մը դիմեց ներկաներուն եւ աւելի վերջ պատասխանեց իրեն ուղղուած զանազան հարցումներուն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 19, 2019