ՇԻՇԼԻԻ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԵՒ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ ԿԸ ԲԱՂԿԱՆԱՆ ԱԿՈՒՄԲԷՆ ՀԱՍԱԾ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԷ

Շիշլի մարզակումբէն այս օրերուն դարձեալ դրական լուրեր կը հասնին։ Այսպէս, ի շարունակութիւն ակումբի վարչութեան հետեւողական ջանքերուն՝ Շիշլիի պասքեթպոլի եւ վոլէյպոլի կազմերը կը բաղկանան ակումբէն հասած մարզիկներէ։ Այս հանգամանքը մեծապէս յուսադրիչ է Շիշլիի ապագային տեսակէտէ։

Շիշլիցիները յառաջիկայ շրջանին կայուն յաջողութիւն կ՚ակնկալեն նաեւ ճատրակի, փինկ-փոնկի, թենիսի, մարմնամարզի եւ ֆութսալի մէջ։ Բաց աստի, վարչութիւնը կը շարունակէ կազմակերպել ընկերային բնոյթով ձեռնարկներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19, 2022