ՄՌԱՅԼ ՀԱՄԱՅՆԱՊԱՏԿԵՐ
2025-ի տարեմուտին Պատրիարքական Աթոռը շարք մը կարեւոր վիճակագրական տուեալներ հրապարակեց։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ծանր մարտահրաւէրները միշտ կ՚արծարծուին հաստատութիւններու յարատեւութեան եւ անոնց նիւթական անբաւարարութիւններու պրիսմակէն, յամենայնդէպս, Գումգաբուէն հրապարակուած վիճակագրութիւնները հերթական յիշեցումը կը համարուին ժողովրդագրական մռայլ պատկերին տեսակէտէ։
Պատրիարքարանը հրապարակած է 2022, 2023 եւ 2024 թուականներու յուղարկաւորութիւններու, մկրտութիւններու եւ հարսանիքներու թիւերը։ Մկրտութիւններու պարագային տուեալները երկու առանցքի շուրջ մատուցուած են՝ անչափահասներու եւ չափահասներու։
2022 թուականին տեղի ունեցած է 593 յուղարկաւորութիւն։ Նոյն տարիին Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւններու թիւը կազմած է 132, իսկ մկրտութիւններու թիւը՝ 271 (անչափահաս՝ 198 եւ չափահաս 73)։
2023 թուականին տեղի ունեցած է 565 յուղարկաւորութիւն։ Նոյն տարիին Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւններու թիւը կազմած է 101, իսկ մկրտութիւններու թիւը՝ 237 (անչափահաս՝ 178 եւ չափահաս 59)։
2024 թուականին տեղի ունեցած է 546 յուղարկաւորութիւն։ Նոյն տարիին Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւններու թիւը կազմած է 85, իսկ մկրտութիւններու թիւը՝ 183 (անչափահաս՝ 129 եւ չափահաս 54)։