ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 8-Ը ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԷՏ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար նախատեսուած ժամանակացոյցը կը բանի՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, քուէարկութիւնը նախատեսուած է յառաջիկայ մարտի 12-ին՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն ներս։ Ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի կողմէ գլխաւորուած ընտրական մարմինը կը շարունակէ բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանքները՝ ամբողջութեամբ վերահսկելով նախընտրական գործընթացը։ Երէկ, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընդառաջ հերթական զեկոյցը հրապարակուեցաւ ընտրական մարմնին կողմէ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ ընտրողներու ցուցակները կախուած կը մնան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցիներու շրջափակերէն ներս։ Ցարդ մեր համայնքի ընտրողները բաւական մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են այս ցուցակներուն նկատմամբ։ Ընտրական մարմինը վերջին զեկոյցին մէջ շնորհակալութեամբ ընդգծած է այս հանգամանքը։ Մինչ այդ, նոյն մարմինը կը յիշեցնէ, որ ցուցակները հրապարակուած պիտի ըլլան մինչեւ փետրուարի 8-ը։ Այսինքն՝ այս վերջնաժամկէտը կարեւոր փուլ մը կը համարուի, որպէսզի մինչեւ ընտրութեան օրը ընտրողներու ցուցակները հնարաւորինս կատարելագործուած ըլլան։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն, ընտրական մարմնի մամլոյ բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին փոխանցեց հերթական թրքերէն պաշտօնական զեկոյցը։