ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉ ԲԱԶԷ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի լուսանկարիչ Հրայր Բազէ այս օրերուն կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ան նախապէս ալ քանիցս այցելած է թէ՛ քաղաքս եւ թէ ընդհանրապէս Թուրքիան, ուր հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ամենայայտնի կոթողներուն վերաբերեալ կատարած է նկարահանումներ։ Հրայր Բազէի նկարահանումները բարձր արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ թէ՛ շատ յաջող են եւ թէ իրենց հետեւողականութեամբ ժամանակագրական ընդհանուր դիտարկումի մը բնոյթը կը կրեն։
Հրայր Բազէ այս անգամուան ուղեւորութեան առթիւ երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Զրոյցի ընթացքին յայտնի լուսանկարիչը ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իր այժմու աշխատանքը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ողջունեց Հրայր Բազէն, ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար։ Ան բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ յայտնի լուսանկարչին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ՝ կանգ առնելով նաեւ իր որսած դրուագներով պատրաստուած ալպոմներու բարձր որակին վրայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յարատեւութիւն մաղթեց Հրայր Բազէի գործունէութեան։
Հուսկ, Հրայր Բազէ Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց իր վերջին ալպոմը։
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ մեր համայնքէն Արսէն Եարման եւ Արլէթ Ինճիտիւզէն։