ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

Հոկտեմբերի 11-ին տեղի պիտի ունենայ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները այցելեցին Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց թաղային խորհուրդի գործունէութեան, դպրոցի կարիքներուն շուրջ եւ փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 2, 2020