ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՔԷՐՄԷՍԸ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական քէրմէսը, որ կազմակերպուած էր ծնողաց միութեան կողմէ։ Այս տարի եւս առցանց կազմակերպուած քէրմէսը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Թալին Պոզթաշի կողմէ գլխաւորուած ծնողաց միութիւնը Ամանորի ընդառաջ դպրոցի համակիրներու տրամադրութեան տակ դրաւ զանազան իրեղէններ, որոնք արժանացան անմիջական ուշադրութեան։ Հեռավար ծրագիրը վարեց Պանու Էօզտեմիր։ Նախագծին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2021