ՍԷՐԼԻ ՍԵԴԱ ՆՇԱՆԵԱՆԻ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Մեր համայնքէն Սէրլի Սեդա Նշանեանի բեմադրութեամբ այս շրջանին կը բեմադրուի թատերական ներկայացումներու շարք մը, որ «Տերեւ արթ»ի անդրանիկ նախագիծն է։ «Borderline» կը կոչուի այս թատերական ներկայացումը, որու բեմագիրն է Քաան Էրքան։ Խաղը ունի երկու դերակատար՝ Իտիլ Տեմեթ Շիմշէք եւ Կէօքհան Եէթ։ Քաւարանի մէջ մնացած մեռեալի մը վիճակը կը պատկերէ այս խաղը, որ տարբեր հայեացքով մը կը դիտարկէ մահուան երեւոյթը։

Տարեմուտէն ի վեր «Borderline»ի բեմադրութիւնները կը շարունակուին Շիշլիի թատերասրահին եւ «Օտա» թատերասրահին մէջ։ Երէկուան հերթական ներկայացման աւարտին Նշանեան եւ դերասանները վերստին հանդիսատեսներու ծափողջոյններուն արժանացան։

Սա Սէրլի Սեդա Նշանեանի կողմէ բեմադրուած արդէն երրորդ թատերախաղն է։

Շաբաթ, Յունուար 20, 2024