ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳԻՍՏ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նա­նաց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Շա­բաթ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի բազ­մա­վաս­տակ սիւ­նա­կա­գիր նո­րոգ հան­գու­ցեալ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­­նի փա­ռա­շուք յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը։ Հոծ թի­ւով սգա­կիր­ներ լե­ցու­ցած էին ե­կե­ղե­ցին եւ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րին Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի բա­րի յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րը ցաւ ի սիրտ յա­ւեր­ժու­թեան ճամ­բե­ցին Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նը, նաեւ մխի­թա­րա­կան զգա­ցում­նե­րով շրջա­պա­տե­ցին իր այ­րին՝ վաս­տա­կա­ւոր մշակ Գո­հա­րիկ Սա­յա­ճեա­նը։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էր Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան, ո­րու շուրջ էին Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաք­ճեան եւ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կե­լեան։ Յու­ղար­կա­ւոր­նե­րու շար­քին էր նաեւ Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նէն Յա­կոբ Սրկ. Մի­նա­սեան։

Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի դա­գա­ղը դուրս բե­րուե­ցաւ ե­կե­ղե­ցիէն եւ իր վրայ վեր­ջին ա­ղօթք մը ար­տա­սա­նեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քէն Տ. Մաշ­տոց Քհնյ. Գալ­փաքճեան։ Այս փու­լին թեր­թիս գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեանն ալ խօս­եցաւ դամ­բա­նա­կան մը՝ ի յի­շա­տակ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի բազ­մա­մեայ յօ­դուա­ծա­գիր Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի։

Յու­ղար­կա­ւո­րու­թե­նէն վերջ Վա­րու­ժան Սա­յա­ճեա­նի ան­շունչ մար­մի­նը փո­խադ­րուե­ցաւ Է­տիր­նէ­գա­բուի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր ամ­փո­փուե­ցաւ ըն­տա­նե­կան դամ­բա­րա­նին մէջ։ Թաղ­ման կար­գը կա­տա­րեց Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հեր­կե­լեան։

Երկուշաբթի, Մարտ 20, 2017