ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՎԵՐՋԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏԸ ՏՈՒԻՆ ԹԱՂԻ ԴԱՐԱՒՈՐ ԿՐԹՕՃԱԽԻՆ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը հրաժեշտ տուաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Արամեան սանուց միութեան սրահին մէջ, ուր ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան ու իր գործակից ընկերներէն Կարէն Թալաս, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, ուսուցչաց կազմը, եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, սանուց միութեան վարչայինները, ծնողներ եւ հիւրեր։
Օրուան խօսնակներն էին վեցերորդ դասարանէն Տորա Սեչքին եւ Արեգ Պէրպէրօղլու, որոնք գնահատ-ւեցան ներկաներուն կողմէ:
Յայտագիրը սկսաւ «Հարս ու կեսուր» թատերակով, որ պատրաստուած էր Նաժտա Տէմիրճիօղլուի կողմէ:
Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցան «Օգսէնին նամակը» մենախօսութիւնը եւ «Բժիշկը» թատերակը, ինչպէս նաեւ «Տոլանտըրըճը» թատերակը, որ գրի առնուած էր թրքերէնի ուսուցիչ Եուսուֆ Տէմիրթաշի կողմէ: Անոնք պարով մըն ալ հանդէս եկան՝ Արամ Խաչատուրեանի երաժշտութեամբ։
Եղան ցուցադրութիւններ՝ պարքովիզիոնի, որոնք պատրաստուած էին ուսուցչուհիներ Քրիստին Տելլալօղլուի, Փելին Մելիսա Կիւնտօղտուի եւ Նաժտա Տէմիրճիօղլուի կողմէ։ Արամեանցիները հանդէս եկան պարերով եւ երաժշտութեամբ պատրաստուած՝ Թայիս Պուտաքի եւ Գարին Քիւչիւքօղլուի կողմէ: Հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին Գարին Փափուճճեան եւ Արեգ Էզկիլիօղլու:
Հանդէսի ընթացքին արտայայտուեցան տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տէմիրճիօղլու, Հաթիճէ Ատանըր եւ յանուն ծնողներուն՝ Նաթալի Պոլաք:
Հանդէսէն ետք հրաւիրեալները պարտէզը բոլորուեցան ծնողներու կողմէ սարքուած քոքթէյլի սեղաններուն շուրջ ու իրարու հետ ունեցած հաճելի զրոյց։