ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Նորընտիր թաղականները պաշտօնական վաւերացում ստանալէ վերջ Պատրիարքարան փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց թաղականները, շնորհաւորեց զիրենք եւ կարողութիւն մաղթեց՝ Գումգաբուի դրսի եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ աշխատանքներուն մէջ։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 20, 2022