ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՅԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Պուլկարահայ համայնքէն երեք գործիչներ այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։ Անոնք են՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Շաքարեան, Փլովտիւի մօտ նախկին պատուոյ հիւպատոս Եղիազար Ուզունեան եւ համայնքի յայտնի դէմքերէն Աղաւնի Գէորգեան։ Իսթանպուլի մէջ կեցութեան ընթացքին անոնք փափաքած էին այցելել Պատրիարքարան։ Երէկ, պուլկարահայ համայնքային գործիչները Գումգաբուի մէջ հիւրընկալուեցան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Իրենց կ՚ուղեկցէր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սէրթշիմշէք։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին նորին սրբազնութիւնը ողջունեց հիւրերու այցելութիւնը եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց Պատրիարքական Աթոռի գործունէութեան եւ համայնքային կեանքին շուրջ։

Ընդունելութենէն վերջ հիւրերը շրջեցան նաեւ Պատրիարքարանի թանգարանը՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի առաջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 21, 2019