ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբներու վարչութիւններուն համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին ընթրիք մը տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի մէջ։ Վերջին տարիներուն ամրան շրջանին հաճելի աւանդութեան մը վերածուած է այս երկու մարզակումբներուն կողմէ կազմակերպուած համատեղ ընթրիքը, որով կը ստեղծուի մեծ ոգեւորութիւն։ Այս տարուան ամառնային համախմբումն ալ փայլուն անցաւ՝ նախորդներուն նման։ Երկու մարզակումբներու վարչայինները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին աւելի քան 300 մասնակիցները, որոնք մտերմիկ զրոյցի եւ երաժշտական կատարումներու միջավայրով ունեցան հաճելի ժամանց՝ ճաշասեղաններու շուրջ բոլորուած։ Կղզիի լողաւազանի մարզակումբի համալիրէն ներս այս առթիւ ստեղծուեցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտ։
Շիշլիի եւ Թաքսիմի այս տարուն համատեղ ընթրիքի հովանաւորն էր՝ նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր։ Ձեռնարկին զօրակցած էր նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը։ Երեկոյթին ներկայ գտնուեցան՝ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչ, նախկին քաղաքապետ Ճոշքուն Էօզտէն, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Թուրքիոյ ֆութպոլի հիմնարկի նախագահ Էնկին Վերէլ, մարզական աշխարհէն յայտնի անձնաւորութիւններ, հիւրընկալ ակումբի վարչայինները, համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր, համակիրներ եւ հիւրեր։ Մասնակիցներու շարքին էր երախտաշատ բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը եւ սա խորհրդանշական խոր իմաստ ունէր մեր մարզակումբերու գործունէութեան շարունակականութեան առումով։ Արդարեւ, Մոնիք Երկանեանի հոգելոյս հայրը՝ Գրիգոր Միսաքեան եղած է Շիշլի մարզակումբի հիմնադիրներէն մին։ Այսինքն, Երկանեան ամոլի ներկայութիւնը եկաւ թարմացնել մարզակումբներու ողբացեալ հիմնադիրներու եւ սատարողներու յիշատակին նկատմամբ յարգանքը։
Երեկոյթի յայտագիրը գործադրուեցաւ Մկրտիչ Կիւլէզեանի հանդիսավարութեամբ։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկան երկու մարզակումբներու վարչութեան ատենապետները՝ Կարօ Համամճեան (Թաքսիմ) եւ Ալէն Թեքպըչաք (Շիշլի)։ Այս առթիւ անոնք հրապարակեցին համատեղ պատգամ մը, որու բովանդակութեան մէջ ընդգծեցին, որ այս երկու մարզակումբները մեր համայնքին ծառայութիւն կը մատուցեն հինգ սերունդէ ի վեր։ «Մենք կը շարունակենք տեւական սորվիլ, աշխատիլ ու հետապնդել մեր երազները։ Մեր զաւակները ներշնչանքի աղբիւր են մեզի համար։ Զանոնք մարմնամարզի մէջ ընտելացնելու ատեն՝ մենք ալ շատ բան կը սորվինք անոնցմէ։ Մեր հիմնական նպատակն է, որ տղաքը կեանքի ողջ տեւողութեան պահեն մարզական ոգին», ըսին անոնք եւ ընդգծեցին, որ երկու ակումբները կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։
Սրտի խօսքեր արտասանեցին՝ Մուսթաֆա Սարըկիւլ եւ Վազգէն Պարըն։ Սարըկիւլին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետարին համար պատրաստուած յուշանուէրն ալ ստացաւ իր խորհրդականներէն Ռաքէլ Լեւի։
Յայտագրի երաժշտական բաժինը շատ ճոխ էր իսկապէս։ Համակրելի մենակատար Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու ներկայացուց տոհմիկ երգեր, որոնք խոր տպաւորութիւն գործեցին ունկնդիրներուն վրայ։ Ճոշքուն, Թաշքըն եւ Պիւլենտ Սապահ եղբայրներն ալ հիւրերուն մատուցին իրենց երգացանկի ամենայայտնի գործերէն փունջ մը։ Ժողովրդական երգերով հանդէս եկաւ Պետրի Այսելի։
Վիճակահանութեան բախտաւորներն ալ առիթն ունեցան այս խանդավառ երեկոյթէն յիշատակներ տանելու իրենց հետ։
Ներկաները զուարճացան մինչեւ ուշ ատեն, զիրար վայելեցին ամրան անամպ գիշերուն մը ջերմ մթնոլորտին մէջ եւ հրաժեշտի ատեն վարչութիւններուն նկատմամբ զօրակցութեան զգացումներով՝ յաջողութեան ու նորանոր նուաճումներու մաղթանքներ փոխանցեցին՝ Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբներուն համար։