ՆԱՐԼԸԳԱԲՈՒԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նխագահեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Անցեալ շաբաթավերջին, Վազգէն Վարդանօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը: Ներկայ եղան նաեւ՝ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բարեկրօն կիսասարկաւագները, եկեղեցւոյ սպասաւորներն ու դպիրները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Սահակեան դպրաց դասու անդամներուն կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Արարողութեան աւարտին յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարները:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020