ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ 5-ՐԴ «ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆ»Ը

Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Երաժշտական մարաթոն»ը շաբաթավերջին առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ «Բեմը քեզի կը սպասէ, դուն ալ մասնակցէ» կարգախօսով այս երաժշտական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Իր նմաններու շարքին հինգերորդ այս տարուան «Երաժշտական մարաթոն»ին մասնակցեցաւ 186 մանուկ կամ պատանի՝ 6-17 տարեկան։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ՝ Լարա Նարինի եւ Գարին Պալի։

Ամբողջ օր մը տեւեց այս ձեռնարկը, որու ծիրէն ներս բեմին վրայ տողանցեցին բազում խոստմնալից նոր կամ ապագայ երաժիշտներ։ Անոնք իրենց նուագարաններով կամ մեներգներով արժանացան ջերմ ծափահարութիւններու եւ բոլոր ներկաներու գնահատանքին։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018