ԼԵՏԱ ՊՈՅԱՃԸԻ ՆՈՐ ՎԷՊԻՆ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գրող Լետա Պոյաճըի նոր վէպին շնորհանդէսը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, «Պենի պըրաքմա» անուն վէպը լոյս տեսած էր «Աթէշ» հրատարակչատունէն՝ որպէս Լետա Պոյաճըի երկրորդ գործը։

Լետա Պոյաճը, որ գրական կեանքէ ներս անանտեսելի վերելք մը կ՚արձանագրէ վերջին շրջանին, շաբաթավերջին կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ ընթերցողներու համար մակագրեց իր նոր վէպը։ Հաւաքոյթի ընթացքին հերթական անգամ ի յայտ եկաւ, որ Լետա Պոյաճը շատ վառ հաղորդակցութեան մը մէջ է իր գրականութեան համակիրներուն հետ, որոնք ձեռնարկին ժամանակ ջերմօրէն շրջապատեցին զինքը։ Թէ՛ մամուլի մէջ եւ թէ ընկերային ցանցերու վրայ իր մասնակցութեամբ կեանքի կոչուած նախագիծերու արդիւնքի լոյսին տակ զարմանալի հանգամանք մը չէր այս մէկը։ Լետա Պոյաճը եւ ընթերցողները մտերմիկ զրոյցներ ունեցան, մինչ բոլորը թէ՛ ներկայ եւ թէ նախորդ գիրքին վերաբերեալ տպաւորութիւններ կը բաժնէին հեղինակին։

Շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ Լետա Պոյաճըի ընտանիքը։ Թէ՛ իր գիրքերուն եւ թէ բոլոր հրապարակային ելոյթներուն մէջ ան կ՚ընդգծէ իր ամուսնոյն եւ դստրերուն դրական ներգործութիւնը՝ իր ստեղծագործական աշխատանքին մէջ։ Ի շարունակութիւն, այս նոր գիրքի ծանօթացման հաւաքոյթի ընթացքին ալ հեղինակի ընտանիքի անդամները թէ՛ ուրախակից եւ թէ զօրակից էին իրեն։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23, 2021