ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴՐԱՆՔ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նամակին բովանդակութիւնը կը վերաբերի Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան համար նոր կանոնադրութեան հրապարակման յաջորդած ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Արդարեւ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին՝ ինքնագլուխ եւ հազիւ քանի մը հարիւր հոգինոց ընտրացուցակով մը ընտրութեան երթալու վիճելի նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ հրատապ օրակարգ մնալ համայնքային կեանքէն ներս։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս փուլին պաշտօնական նամակով խնդրած է Հանրապետութեան նախագահին միջամտութիւնը՝ հաշուի առնելով համայնքէն ներս ստեղծուած համատարած մտահոգութիւնը եւ պոռթկումը։ Ցայսօր զանազան շփումներ տեղի ունեցած են պետական շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ սրտցաւ համայնքային վարիչներու միջեւ, որպէսզի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կասեցնէ այս անընդունելի նախաձեռնութիւնը եւ շարունակութիւն չունենան այն քայլերը, որոնք վերջին հաշուով պատճառ պիտի դառնան համայնքի կամքը շրջանցելու։ Այդ բոլոր շփումներէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն երէկուան նամակով խնդիրը ամենաբարձր մակարդակի վրայ պետական աւագանիի նկատառման յանձնած է։
Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նամակին մէջ շեշտուած է, որ ընտրական նոր կանոնադրութիւնը համայնքային կարգ մը վաքըֆներու կողմէ կը մեկնաբանուի՝ համայնքի ընտրելու իրաւունքը սահմանափակելու ձեւով։ Այդ հիման վրայ կատարուած գործադրութեան նախաձեռնութիւններն ալ անհանգստութեան պատճառ կը դառնան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրաւունքի բռնագրաւումներ կը յառաջանան, ինչ որ համայնքէն ներս մեծ անհանգստութեան ծնունդ տուած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը Էրտողանի նկատառման յանձնած է, որ համայնքէն ներս վտանգաւոր միջավայր մը կը նկատուի՝ այն աստիճան, որ հարցը կրնայ հասնիլ ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու կէտին։
Նամակին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յստակօրէն արձանագրած է, որ այս հարցին լուծումը կախում ունի վաքըֆներու շրջանային տնօրէնութիւններէն։ Արդարեւ, բոլոր վաքըֆներուն բացայայտօրէն պէտք է հրահանգուի, որ իւրաքանչիւրը, ըստ նոր կանոնադրութեան, այսուհետեւ որդեգրէ շրջանային ընտրացուցակ մը։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հանրապետութեան նախագահին բարձր նկատառման յանձնած է, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի նախաձեռնութիւնը ծնունդ տուած է իրաւաբանական վէճի մը։ Իրականութեան մէջ, սա կրնայ յաղթահարուիլ, եթէ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը նոր կանոնադրութիւնը մեկնաբանէ բուն ոգիին ու տարրին համապատասխան։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս կապակցութեամբ խնդրած է նախագահ Էրտողանին միջամտութիւնը։