ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ղալաթիոյ խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն, որուն կ՚ընկերանային իր լծակից ընկերներէն Մինաս Քափուսուզն ու Ռաֆֆի Եազմաճըն։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած է Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական նուիրահաւաքը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները խմբագրատունս այցելեցին, ըստ ընկալեալ սովորութեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք բացատրութիւններ տուին դպրոցի այժմու կացութեան եւ պիւտճէի բացին շուրջ։ Կեդրոնականի մէջ այս տարի 225 աշակերտ կ՚ուսանի՝ 127 աղջիկ եւ 98 մանչ։ 38 հոգիէ բաղկացեալ ուսուցչական կազմը կը ջանայ առաւելագոյնը ներդնել աշակերտութեան համար։
Խնամակալները երէկուան զրոյցի ընթացքին ընդգծեցին, որ Կեդրոնականի պիւտճէի բացը այս տարի 2 միլիոն 500 հազար լիրայի սահմանին հասած է։ Ինչպէս ծանօթ է, մշտական եկամուտի աղբիւրները բաւարար չեն Կեդրոնականին համար կայուն հասոյթ մը ապահովելու տեսակէտէ։ Ուստի, ամէն տարի համայնքէն ներս կատարուած հանգանակութիւնը ճակատագրական նշանակութիւն կ՚ունենայ Կեդրոնական վարժարանի առաքելութիւնը կայուն հունի մէջ պահելու տեսակէտէ։
Այս մէկը պոլսահայ կրթական համակարգի ամենախորհրդանշական վարժարաններէն մին է՝ թէ՛ իր հարուստ աւանդութիւններով եւ թէ արդի ժամանակներուն արձանագրած յաջողութիւններով։
Խնամակալութեան ներկայացուցիչները դիտել տուին, որ հակառակ այս շրջանի բոլոր դժուարութիւններուն՝ կը սիրեն յուսալ, թէ համայնքային շրջանակները հերթական անգամ Կեդրոնականը զօրակցութեան առարկայ պիտի դարձնեն եւ այս տարի եւս կարելի պիտի ըլլայ դպրոցի պիւտճէն հաւասարակշռել։
Շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան ընդառաջ յաջողութիւն կը մաղթենք Կեդրոնականի ընտանիքին։