ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՄԻՋԻՆՔԻՆ ԱՌԹԻՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԵՒ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Երէկ, Մեծ պահոց շրջանի Միջինքն էր արդէն։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան առաւօտուն Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան, որու ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Յետմիջօրէին ալ Մեծ պահքի Միջինքին առթիւ խաղաղական ժամերգութիւն տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ՝ նոյնպէս Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։

Արարողութեան մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներ, քահանայից դասէն անդամներ, ժառանգաւոր սաներ, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։ Երգեցողութիւնները գլխաւորեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ժամերգութեան աւարտին ծունկնդիր երգուեցաւ «Տէր ողորմեա»ն՝ աշխարհի խաղաղութեան, հիւանդներու բժշկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար։

Եկեղեցական արարողութենէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը Պահքի սիրոյ սեղան մը սարքեց Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերուն համար։ Այս առթիւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հոգեւոր եղբայրներէն շնորհաւորութիւններ ստացաւ՝ իր ծննդեան 60-ամեակի յոբելեանին առթիւ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022